Հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է նո՛յն եւ մէ՛կ հրապարակի վրայ հաւաքուին. Արամ Ա

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 4, 24News 

արամ

Մեծի տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսը ֆեյսբուքյան իր էջում գրառում է կատարել․

«Երեւանի երկու տարբեր հրապարակներու վրայ հաւաքուած նոյն ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ անհրաժեշտ է փոխադարձ հասկացողութեան ու վստահութեան կամուրջներ հաստատել։ Եւ աւելի՛ն. հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է նո՛յն եւ մէ՛կ հրապարակի վրայ հաւաքուին՝ ի խնդիր Հայաստանի փրկութեան ու հզօրութեան։

Ա՛յս պէտք է դառնայ օրուան հրամայականը։ Ա՛յս կը պահանջէ հայրենիքին նկատմամբ իւրաքանչիւր հայու ունեցած հաւատարմութիւնն ու պարտաւորութիւնը։ Հայրենիքին ներկան ու ապագան ճշդողը ժողովուրդին հաւաքական կամքն է»։

--00--ԱՀ