ՀՀ Առաջին Հանրապետության 105-ամյակը նշվել է նաև Լաթաքիայում

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 30, 24News

sgdg

Լաթաքիահայութիւնը համախմբուած յիշատակեց 28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակը: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ տարազաւոր սկաուտները տողանցեցին ՍՕ Խաչի կեդրոնէն մինչեւ Ս.Աստուածածին եկեղեցի, ուր ներկայ էին Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, Յարաբերական մարմինի անդամը, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Զիրենք դիմաւորեց փողերախումբը, որ հնչեցուցին ազգային նուագներ, իսկ փոքրիկ քայլիկները աղաւնիներ ազատ արձակեցին՝ որպէս խաղաղութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշ, գրում է «Գանձասար» պարբերականը։ 



Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց, ուր հոգեհանգստեան պաշտօնի կարգը կատարուեցաւ եւ ներկաները փողերախումբին ընկերակցելով երգեցին Սարդարապատի ճակատամարտին նուիրուած երգը։

28 Մայիսի տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ աւանդութիւն դարձած դաշտագնացութեամբ: Ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Լաթաքիոյ մօտակայ ճաշարան մը, ուր շարունակուեցաւ տօնախմբութիւնը:

Բացման խօսքով շրջանի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան ըսաւ. «Այսօր բոլորս հաւաքուած ենք միասնական ոգիով, մեծ խանդավառութեամբ տօնելու Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի պանծալի յաղթանակները, որոնք մեզի համար ներշնչումի աղբիւր ըլլալու կողքին ազատագրական պայքարի շարունակութեան ղօղանջի համազօր են։

Ան իր խօսքը աւարտեց զէնքը ձեռքին իմացեալ մահով անմահացած մեր հերոսներուն փառքը հիւսելով։

Օրուան բեմավար Քեռի Ղազուրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան 105-ամեակը եւ վեր աժաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման արժէքն ու ազդեցութիւնը մեր ազգի զարգացման հոլովոյթին մէջ։

Ապա ան բեմ հրաւիրեց հանրածանօթ երգչուհի Մարիա Չիչեան-Պայրամեանը, որ ձեռնարկը ճոխացուց ազգային երգերով:

Համերցի ընթացքին Սուրիոյ Երիտասարդաց եւ Պատանեկան Միութիւններու անդամները ընկերակցեցան մենակատարին՝ ստեղծելով ժողովրդային տօնախմբութեան մթնոլորտ։

Հայաստանի ու Արցախի վերելքին ծառայելու երիտասարդներուն կանչերով շարունակուեցաւ տօնախմբութիւնը:

--00—ՍՊ