Արամ Ա կաթողիկոսն Անթիլիասում ընդունել է Արցախի ԱԺ նախագահին

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 26, 24News

․

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի գրասենեակում, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթիւր Թովմասեանի եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը։ Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էր Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։

Հանդիպման ընթացքին Ազգ. Ժողովի նախագահն ու պատուիրակութիւնը Նորին Ս. Օծութեան ներկայացուցին Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց պահանջները։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ներկաները՝ յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ զօրակից անոր կամքը արտայայտող ինքնիշխանութեան՝ զայն նկատելով ժողովուրդի իրաւունքը, թէ՛ պատմական եւ թէ՛ իրաւական առումով։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ թեմերուն եւ ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին։

--00--ԱՀ