Արամ Ա կաթողիկոսն իր ցավակցությունն է հայտնել Սիրիայի նախագահ Բաշար Ալ-Ասադին

ԵՐԵՎԱՆ, ՓԵՏՐՎԱՐԻ 8, 24News

նկար

ԱՐԱՄ Ա կաթողիկոսն իր ցավակցությունն է հայտնել Սիրիայի նախագահ Բաշար Ալ-Ասադին։ 

Ցավակցական հեռագրի տեքստը՝ ստորև․

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն։ 

Վեհափառ Հայրապետը նամակին մէջ կը գրէ, որ կսկիծով կը հետեւի աղէտին պատճառած ահաւոր աւերին եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ ժողովուրդին։ Նամակի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի աղէտի զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ մխիթարութիւն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին»։

--00—ԼՄ