Վեհափառ Հայրապետը կոչ է անում շարունակել պայքարը, հայությամբ շնչել․ Կանադայի հայոց թեմի առաջնորդ

ԵՐԵՎԱՆ, ՀՈՒՆԻՍԻ 4, 24News

sgsd

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասի անդամներէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը, հաղորդում է Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանը․

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Գէորգ Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր օրհնաբեր այցելութեան համար։

«Անցնող եօթը տարիներուն Վեհափառ Հայրապետը իր բարոյական ներկայութեամբ, իր գրութիւններով եւ պատգամներով, համազգային թէ այլապէս տագնապներու ընթացքին իր քաջ կեցուածքով ուղղորդեց մեզ՝ չյուսահատելու եւ չտկարանալու համար։ Ան իբրեւ հայր ու հովուապետ թելադրեց վերականգնիլ, վերակազմակերպուիլ, վերահզօրանալ, վերաշխուժանալ եւ մանաւանդ շարունակել մեր պայքարը բոլոր բնագաւառներէն ներս, որպէսզի մենք կարենանք ոտքի մնալ, կենսունակ մնալ եւ հայութեամբ շնչել, հայօրէն ապրիլ ու հայութեան համար պայքարիլ», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին, Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, գործակից միութիւններուն եւ Գանատահայ համայնքին։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Բոլորս կը պատկանինք նոյն եւ մէկ ժողովուրդին. նոյն եւ մէկ հայրենիքին, եկեղեցիին ու դատին։ Մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մէկութեան գաղափարը պէտք է դիտել զանազանութեան մէջ է։ Մէկութիւնը պէտք է ամուր պահենք՝ որպէս հաւատարմութեան, ամրութեան եւ զօրութեան աղբիւր։ Հոն է մեր անցեալը, մեր ներկան. եւ մանաւանդ հոն է երաշխիքը մեր ապագային։ Մեր ժողովուրդը միայն անցեալին նայող ու ներկային մէջ ապրող ժողովուրդ չէ, այլ անցեալով զօրացած, ներկայի փորձառութեամբ թրծուած, ապագային նայող, ապագային քացող ժողովուրդ է, որպէս մէկ ամբողջութիւն։ Այս մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս պէտք է դիտել, արժեւորել եւ ուղղել մեր հաւաքական կեանքը»։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադառնալով Աստուածաշունչի սփռած լոյսին տակ քրիստոնէավայել կեանք ապրելուն, շեշտեց, թէ իբրեւ քրիստոնեաներ Աստուածաշունչը միայն պէտք չէ կարդանք, այլ՝ Աստուածաշունչը իր արժէքներով, սկզբունքներով, ուսուցումներով պէտք է ապրինք։ «Աստուածաշունչը մեր կեանքին որակն է։ Աստուածաշունչը մեր կեանքին ճամբան է։ Աստուածաշունչը մեր կեանքին խորք, ինքնութիւն ու նպատակ տուող Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Հետեւաբար պէտք է նայինք Աստուածաշունչին, որպէսզի մեր կեանքը ճիշտ կերպով ըմբռնենք ու ապրինք», ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը։

--00—ՍՊ