Տաճարը ներսից քանդողները, թշնամու սուրը սրողները այսօր կրկնօրինակն են Վասակի և Մելիք Ֆրանգյուլի

ԵՐԵՎԱՆ, ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ 11, 24News

ս

ՀՄԸՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի խօսքը արտասանուած՝ ՀՄԸՄ-ի 106-Ամեակի Հալէպի Հանդիսութեան.

Հաւաքուած ենք տօնակատարելու ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը։

Հաւաքուած ենք Հալէպ․ 20-րդ դարու առաջին եւ աննախադէպ ցեղասպանութիւնը կատարուած վայրերու ամենամօտակայ քաղաքը: Վայրը եւ մեր այս հաւաքը կը պարտաւորեցնեն, որ ՀՄԸՄ-ի Համաշխարհային կառոյցի բազմահազար իւրաքանչիւր անդամի անունով, արտայայտուած իր գերագոյն մարմնի ճամբով, երախտագիտութեան ամենա-ազնիւ մեր գնահատանքը արձանագրել Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որուն նախնիները եւ անոնց զաւակները, գրկաբաց, սիրով եւ գորովագին ընդունեցին եւ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդեկորոյս, որբ, սով ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկ ու տատիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ ու մասնաւորաբար այս քաղաքին մէջ, գտան ապաստան/պատսպարան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, դիտեցին հորիզոններ, վերակազմեցին իրենց տաք բոյները եւ ընտանիքները․ կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։

Բիւր շնորհակալութիւն եւ յարգանք Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան։

6 դար ստրուկ ապրած տարաբախտ հայ ազգի զարթօնքի բարեբախտ օրերուն հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած սկաուտական/մարզական միութիւնը՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, այսօր 106 տարեկան է։

106 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ, եռանդ ու ոգեւորութիւն վարակող,
106 տարի անաղմուկ եւ կարգապահ շարքերով տողանցող, բայց հոգիներ թնդացնող,
106 տարի Արարատ ու Եռագոյն կրող նոյն, բնաւ չմաշող, բայց յարգանք պարտադրող տարազով,
106 տարի շարունակ ու աննահանջ, հակառակ հալածանքներու, արգելքներու եւ խոչընդոտներու, յամառեցաւ բոլոր գլուխներէ վեր բարձրացնել ու ծածանել Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը եւ շեփորահարել Ազգային Օրհներգը’ Մեր Հայրենիքը,
106 տարի ընտանիքի եւ դպրոցի կողքին, եղած է դաստիարակող հայ պատանին եւ երիտասարդը ըլլալու բարի, ազնիւ, աշխատասէր, ազգասէր ու հայրենասէր հայորդի,
106 տարի եղած է «ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»-ը եւ «ԼԱՒԱԳՈՅՆ»-ը ։

106 տարի եւ տակաւին նահատակ ցեղի անմահները, վրէժի զրահները, հսկայ նուիրման հրաթեւ տորմիղը, կամաւոր բանակը կը շարժին յառաջ, դրօշ եռագոյնը կոթողելու կատարն հայրենի լեռանց հեռագոյն։

Փառահեղ Երթ։

Այս երթի իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած ՀՄԸՄ-ի շրջաններէն մէկը եղած է Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից իր շարքերով մղիչ ուժը հանդիսացած է միութեան երթի յաջող ընթացքին։

Փաստ՝ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու կամ տարբեր գաղութներու մէջ հաստատուած կազմակերպութիւններու գործունեայ տարրերու յարգելի տոկոսը կը կազմեն Սուրիոյ մեր մասնաճիւղերուն մէջ հասակ նետած տարազաւորները։

Եւ վստա՛հ այլ որակի վերաբերում, պակասաւոր նուիրում կամ անբաւարար կազմակերպուածութիւն կարելի չէր սպասել Զարեհաշնորհ հովանաւորութեան տակ գործող մեր Սուրիոյ կառոյցէն։

Վարձքը կատար ՀՄԸՄ-ի այս միջնաբերդը հիմնողներուն, քար առ քար անոր պարիսպները բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն։

Կրկնակի վարձքը կատար, բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք պատնէշի վրայ մնացին ու ղեկավարեցին Սուրիոյ գաղութի գոյութիւնը, ու այդ կարգին մեր կառոյցը, ըլլայ այդ 1960-ական թուականներու հալածանքներու ժամանակաշրջանին կամ 2011-էն սկսեալ եւ շուրջ 12 տարիներու վրայ երկարած Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած միջազգային պատերազմի օրերուն։

Յիշատակը անթառամ մնայ այս երկու ժամանակաշրջաններու բոլոր նահատակներուն Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Ռաֆֆի Պչաքճեան:
Այսօր մենք բացակայ չենք դներ եղբ. Յարութ Բանոյեանը, եղբ. Յակոբ Աստարճեանը եւ եղբ. Մոսիկ Սեքլէմեանը, որոնք 4 տարի առաջ, այս պահուն իրենց զինակիցներու հետ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերը կը մղէին ազերի-թուրք բանակներուն դէմ, եւ 5 Նոյեմբերին հաւատարիմ իրենց երդումին վասն Հայրենեաց կը նահատակուէին ու կը մտնէին Հայ քաջարիներու Պանթէոն:

Պատիւը Ձերն է։

106 տարիներու յաջողութիւններու եւ իրագործումներու նշումը չի հանգստացնէր մեր ներաշխարհը,

-որովհետեւ մեր բազկերակը կը բաբախէ հայու ազգային զգայարանքներու կշռոյթով, բայց 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք այդ կշռոյթը մեզի հարազատ չէ:
-որովհետեւ, 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք ազատագրելի Արարատի լանջերուն բանակելու մեր սկաուտ տարազաւորներուն երազն իսկ ապօրինի կը յայտարարեն,
-որովհետեւ, 9 Նոյեմբեր 2020-էն ազատագրելի Տարօնի Բագրեւանդ գաւառի մէջ մեր Նաւասարդեան խաղերը վերականգնելու կամքը թշնամական գաղափար կը սեպեն:

Վաղո՜ւց տաճարը ներսից քանդողները ու իրենց ձեռքով թշնամիին սուրը սրողները’ այսօրեայ խունթան, կրկնօրինակն են Վասակ Սիւնիի եւ Մելիք Ֆրանկիւլի:

Սակայն մենք՝ ՀՄԸՄ-ականներս, Վարդան Մամիկոնեանի, Դաւիթ Բեկի ծոռները, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական միութեան անդամներ, Ազգն ու Հայրենիքը գերադաս արժէքներ դաւանող միութենականներ:

կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն,
պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը,
անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժէհամակարգը՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, ընտանիք, պատմութիւն, բարքեր,
բուռն պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ,
Մենք չենք հաշտուիր դաւաճանական պարտութեան հետ: Կորսնցուցած ենք տարածք, ունեցած ենք զոհեր, արատաւորուած է մեր արժանապատուութիւնը, թունաւորուած է մեր կեանքը, առօրեան, բայց մեր կամքը անկոտրում է եւ Արարատի ժայռերուն պէս ամուր:


 
--00—ՍՊ