ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 5, 24News
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼՊՄ-ի՝ Շաբաթ, 4 Մայիս, 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց նստացոյց մը տեղի ունեցաւ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» խորագրով։
Միաժամանակ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչներ հանդիպեցան Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանին հետ, յանձնելու նամակ մը որուն մէջ կը շեշտուի Երիտասարդութեան կտրուկ մերժումը Հայաստանի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութեան։
--00—ԱՊ