Քուվեյթի քրիստոնյա համայնքների հավաքական աղոթքը՝ Արամ Ա. Վեհափառի նախագահությամբ

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 9, 24News

ք

Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած Հովուապետական Այցելութեան առաջին օրը՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական Շնորհակալական Աղօթք՝ Քուէյթի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Տեղեկանում ենք Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։ 

Սոյն հաւաքական աղօթքը կազմակերպուած էր Քուէյթի Եկեղեցիներու Առաջնորդներուն կողմէ: Արդարեւ, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարկին տակ ներկայ էին Հայ եւ եօթ այլ քրիստոնեայ համայնքներու՝ Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Քաթոլիկ, Ղըպտի Ուղղափառ, Ղըպտի Քաթոլիկ, Աւետարանական, Լաթին եւ Մարունիթ Առաջնորդներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Այս առիթով յանուն Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքին՝ Քուէյթի Յոյն Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Մեթրոպոլիտ Ղաթթաս Հազիմ բարի գալուստի խօսք արտասանեց՝ ողջունելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը Քուէյթ:

Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ քրիստոնեայ համայնքները կը վայելեն լայն ազատութիւն, ուր կրօնական համակեցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարզուած է շնորհիւ երկրի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, որ Քրիստոնէական համայնքները Քրիստոսով մէ՛կ եկեղեցի են, եւ անսալով Քրիստոսի պատուէրին պէտք է աղօթքով, խորհրդակցութեամբ ու գործակցութեամբ, եկեղեցւոյ ամբողջական միութիւնը արտայայտեն:

Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները մասնակցեցան աջահամբոյրի եւ բարի գալուստ մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին:

--00—ՍՊ