Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպությունը օգնություն է ուղարկել Սիրիա

ԵՐԵՎԱՆ, ՓԵՏՐՎԱՐԻ 15, 24News

թևանիկ

Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն կ՚օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրականացուող բոլոր ծրագիրներուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղեց Սուրիա, զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան։ Տեղեկանում ենք «Գանձասարից»։ 

Գնահատելով «Թեւանիկ»-ի օգնութիւնը, պատասխանատու կազմը հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն։

Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմին եւ գնահատեց Իրանի, Հայաստանի ու Սուրիոյ բարեկամական կապերը նման դժուար ժամանակներու մէջ զիրար օժանդակելը կարեւոր համարելով։

«Թեւանիկ»-ի պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Իվէթ Դանիէլեանի, իր կարգին իրանահայութեան եւ «Թեւանիկ»-ի կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին, դեսպանատան անձնակազմին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ Սուրիոյ երկրաշարժին արձանագրուած զոհերուն համար։

Դեսպան Նորա Արիսեան ծանօթացաւ «Թեւանիկ»-ի գործունէութեան եւ բարձր գնահատեց զայն։

--00—ՍՊ