Հայոց ցեղասպանության 108-րդ տարելիցին լիբանանահայությունը վերահաստատեց պահանջատիրական իր խոսքը

ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 26, 24News

լիբանան

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղիին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ժողովրդային հաւաքով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումը` հոծ թիւով հայորդիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ, տեղեկանում ենք ՀՅԴ պաշտոնական կայքից։

հյդ

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը` կարենալ իրագործելու ազգային վերածնունդն ու զարթօնքը, շարունակելու ապրիլ հայօրէն եւ հայկական արժէքներուն հաւատարիմ: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած փուլի զանազան մարտահրաւէրներուն եւ պայքարներուն մասին խօսելով` Խանճիհանեան ըսաւ, որ այսօրուան հայուն իսկական պայքարը ա՛լ աւելի մեծ պայքար մըն է, որովհետեւ պայքար է յուսահատութեան դէմ, պայքար` մեր շրջանակին մէջ արթնցնելու ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը, վերջ դնելու տիրող անտարբերութեան, անգամ մը եւս ոտքի կանգնելու եւ յաղթահարելու այս թշնամին, պայքար` նախքան հողերու միացման` մենք միանալու: Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ, թէ հոս հասանք, որովհետեւ մոռցանք մեծ զոհողութեամբ ու նահատակութեամբ ձեռք բերուած նուաճումներն ու յաղթանակները, բայց եւ այնպէս ապրիլ ամիսը մեզի կը պարտադրէ ապրիլ հեռանկարով մը. «Ապրինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հեռանկարով, թերեւս ոչ մենք, ոչ ալ մեր զաւակներն ու թոռները տեսնեն ազատ ու միացեալ Հայաստան մը, բայց պիտի գայ սերունդ մը, որ իր նախնիներու տարած յարատեւ պայքարը ամբողջացնելով` պիտի ապրի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի սուրբ հողին վրայ»:

Առավել մանրամասն՝ սկզբնաղբյուր կայքում։ 

--00—ՍՊ