Մանանեխի հատիկի չափ հավատքով կշարժենք լեռները․ Արամ Ա-ի նախագահությամբ նշվել է Միջինքը

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 6, 24News

ֆֆ

Անթիլիասի Մայրավանքում Արամ Ա Կաթողիկոսի նախագահությամբ նշվել է Միջինքը։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․

«Աւանդութիւն է, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիսապետէ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Միջինքի օրուան Արեւագալի արարողութեան։ Արդարեւ, ուրախութիւն էր մեզի համար այս տարի տեսնել վերականգնումը անցած տարիներուն, բոլորիս ծանօթ պայմաններու բերումով, դադար առած այս աւանդութեան։ Առ այդ, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներուն, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ Լիբանանի Թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու հաւատացեալներու, նախագահեց Արեւագալի հոգեպարար արարողութեան եւ տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։

Դպրեվանքի սաներուն գեղեցիկ կատարողութեամբ երգուած շարականներու եւ արտասանուած աղօթքներու աւարտին, եկեղեցւոյ դաս ներկայացաւ եւ յանուն թեմին բարի գալստեան խօսք արտասանեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։ Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ թէկուզ մարտահրաւէրներով լեցուն առօրեայ մը կ՚ապրի գաղութը, սակայն հայորդիներ նուիրական կերպով կը շարունակեն իրենց ուսերուն դրուած աւանդը։ Այս առիթով առաջնորդ հայրը ջերմօրէն ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում կ՚ունենան եւ գիտակից են այս բոլորը նորահաս սերունդին փոխանցելու հրամայականին. ան յատուկէն գնահատեց Ս. Նշան եկեղեցւոյ ընտանիքին ջանքերը։

ֆ

Վերջապէս, Շահէ Արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութիւնը յիշեցում մըն է մեր ժողովուրդին, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր շնորհազարդ Հայրապետով, Միաբանութեամբ ու Դպրեվանքով, ամէն տեսակի պայմաններու մէջ, մեր ժողովուրդին կողքին է՝ մեր կեանքը երաշխաւորելու սրբազան առաքելութեամբ. «Ուստի, մեր սրտագին աղօթքն է, որ Ամենաբարին Աստուած ընդ երկար գահակալութեան պարգեւէ Ձերդ Սրբութեան, Ձեզմով շէն ու պայծառ պահէ Անթիլիասը եւ անփորձանք կեանք պարգեւէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին» եզրափակեց իր խօսքը առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ապա, հրաւիրեց Հայրապետը՝ ուղղելու իր Հայարեպետական պատգամը։

գ

Վեհափառ Կաթողիկոսը, առաջին հերթին, գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ Միջինքի առթիւ դարձեալ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հաւաքուած ըլլալու համար, որովհետեւ ժողովուրդին հետ ըլլալը հիմքն է եկեղեցւոյ առաքելութեան, իսկ եկեղեցին ինքզինք պէտք է ըլլայ, արտայայտէ ու իրագործէ որպէս առաքելութիւն ու ծառայութիւն ժողովուրդի կեանքի մէջ եւ ժողովուրդի հոգեւոր վերածննդեան ու հաւատքի վերանորոգութեան համար։ Այս առումով, Հայրապետը ընդգծեց, որ նման եկեղեցւոյ առիթներ հրաւէր են՝ իր առաքելութիւնը բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ ու յանձնառութեան կատարելու համար։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը հայրական ու Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ սրբազանն ու անոր գլխաւորած ազգային իշխանութիւնը։

Հայրապետին պատգամին առանցքը հանդիսացաւ հաւատքը, առանց որուն անկարելի է մարդ անհատին գոյութիւնը այս աշխարհին վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ հին դարերէն սկսեալ որեւէ կրօնքի ու մշակոյթի պատկանող անձ պէտք ունեցած է հաւատքի՝ մանաւանդ մարդ արարածին տկար ու սահմանափակ ըլլալու հանգամանքը նկատի առնելով. այս իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքին եւ ընդգծեց, որ մեծ պահոց շրջանը հաւատքի վերանորոգման ու հզօրացման առիթ ու հրաւէր է բոլորիս։ Մեր հաւատքի աղբիւրը Աստուած ինքն է, եւ որպէսզի աւելի հասկնալի ու տոկուն դարձնէ մեզի մեր հաւատքը, Ան իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց եւ Իր կեանքով ու առաքելութեամբ դէպի ճշմարիտ հաւատքի ճամբան ցոյց տուաւ։ Քրիստոսի հրաշքները ո՛չ միայն ապացոյց են հաւատքի կենսական դերին, այլ նաեւ երաշխիք են Աստուծոյ բժշկարար ներկայութեան, ըսաւ Վեհափառ Հայրը։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Քրիստոսի բառերով՝ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենալը բաւարար է լեռներ շարժելու, այնուամենայնիւ հարկաւոր է ճիշդ կերպով եւ ճիշդ աղբիւրին հաւատալ։ Եկեղեցւոյ մէջ արտասանուած Հաւատոյ Հանգանակը՝ մեր դաւանանքը այս կը փոխանցէ հաւատացեալին։ Ան աւելցուց, որ զՔրիստոս ընդունելով՝ կ՚ընդունինք նաեւ մեր կեանքին մէջ հաւատքը ամուր պահող Անոր ներկայութիւնը, որուն հանդէպ յատուկ նախանձախնդրութիւն եւ գիտակից յանձնառութիւն ցուցաբերել պէտք է։

Վերջապէս, Հայրապետը հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթքի միջոցաւ իրենց հաւատքը հզօրացնելու, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մեզի ու կ՚արտօնէ Անոր ներկայութիւնը ապրիլ։ «Ահաւասիկ Մեծ Պահքին իմաստը. հրաւէր՝ դառնալու Աստուծոյ, վերանորոգելու եւ հզօրացնելու մեր հաւատքը։ Կը սպասեմ, որ այս նախանձախնդրութեամբ ու գիտակցութեամբ ապրինք Մեծ Պահքը, անկէ եկող խորհուրդը եւ պատգամը»՝ Հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը։

Արեւագալի Ժամերգութեան աւարտին, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, հոգեւորականաց դաս, ազգային իշխանութիւն, թաղականութիւն, դպրեվանեցիներ, միասնաբար ունեցան իրենց նախաճաշը՝ աւանդականը ֆուլկերոյթը, որ պատրաստուած էր Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կողմէ»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։ 

--00—ՍՊ