Պահպանենք hայկական բոլոր իրավունքները․ ՌԱԿ

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 23, 24News

ռակ

Ռամկավար ազատական կուսակցության կենտրոնական վարչությունը հայտարարություն է․

«Պահպանենք hայկական բոլոր իրավունքները: 

Ժամանակէ մը ի վեր, եւ յատկապէս վերջին շրջաններուն խոր վրդովումով կը հետեւինք Երուսաղէմի մէջ տեղւոյն հայագաղութը, եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը մտատանջող, ոչ ցանկալի իրավիճակին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը նախանձախնդիր է, որ կատարելապէս երաշխաւորուի պահպանումը՝ ազգային մեր բոլոր պատմական իրաւունքներուն, ըլլան անոնք գոյքային ունեցուածք կամ տրուած պատմական մենաշնորհներ։

Հասկնալի է, որ պայմաններու բերումով անխուսափելիօրէն կ'ըլլան եւ պիտի ըլլան կալուածներու հետ առնչուող գործառնութիւններ: Մեր ակնկալութիւնն է, որ բոլոր այդօրինակ գործարքները ըլլան լիակատար կերպով թափանցիկ:

Մեր ակնկալութիւնն է նաեւ, որ պատկան մամինները լուծեն այս հարցը ըստ հնարաւորին:

Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին 301 թուականէն սկսեալ անբաժանելի մէկ մասը եղած է մեր ժողովուրդին կենցաղին եւ պատմութեան. որպէս այդպիսին, ան կը վայելէ մեր հայութեան բացարձակ վստահութիւնը:

Արդ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ'ակնկալէ, նաեւ մեր ժողովուրդին ջերմ փափաքն է, որ Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին մշտապէս եւ արդարօրէն շարունակէ վայելել այդ վստահութիւնը»։ 

--00—ՍՊ