Արամ Ա Կաթողիկոսը հովվապետական այցելությամբ մեկնել է Կանադայի հայոց թեմ

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 31, 24News

արամ ա

Ս. Աթոռոյս Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատայի Հայոց թեմ։

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»։ Այս շրջագիծին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան եւ Հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն, տեղեկանում ենք Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։

Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատա, ընկերակցութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։

Գանատայի հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 1-15 Յունիս, Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Իշխանութեան, հոգեւորականաց դասուն, թեմական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններու, միջ-եկեղեցական պատասխանատուներու եւ դիւանագիտական ու պետական անձնաւորութիւններու հետ։

Վերոյիշեալ հանդիպումներու ընթացքին պիտի արծարծուին գաղութի աշխատանքներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վերակազմակերպան հանգրուաններուն հետ առնչուած հարցեր եւ պիտի մշակուին համապատասխան աշխատանքային ծրագիրներ։

--00—ՍՊ