Մօտէն ճանչցած ըլլալով Ձեզ, վստահ եմ` կդիմագրաւէք Արցախի վտանգները․ Արամ Ա-ն շնորհավորել է Իշխանյանին

ԵՐԵՎԱՆ, ՕԳՈՍՏՈՍԻ 8, 24News

ֆֆ

ԱՀ ԱԺ նորընտիր նախագահ Դավիթ Իշխանյանին իր հայրապետական օրհնությունն է ուղարկել Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը:

 

Շնորհավորական ուղերձում մասնավորապես ասվում է.

« Մեծայարգ

Տիար Դաւիթ Իշխանեան

Խորհրդարանի Նախագահ

Արցախի Հանրապետության

Ստեփանակերտ

 

Սիրելի´ Պրն. Իշխանեան,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ̉ողջունենք Ձեզ, եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Խորհդարանի Նախագահ Արցախի Հանրապետության:

Արցախի դիմագրաւած ներկայ վճռական հանգրուանին, Ձեր ստանձնած առաքելութիւնը Ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ձեր առջեւ կը բացուին պատասխանատուութեան նոր, այլ դժուարին հորիզոններ: Մօտէն ճանչցած ըլլալով Ձեզ, վստահ ենք, որ յանձնառութեան ամուր ոգիով ու խոհեմութեամբ պիտի դիմագրաւէք Արցախի անկախութեան սպառնացող բոլոր վտանգները:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ անձնապէս, կը վստահեցնենք Ձեզ, որ մեր Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Արցախի պետութեան ամրացման ու անոր քաջարի ժողովուրդին, ի խնդիր Արցախի անվտանգութեան ու անկախութեան:

Կ̉աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի շնորհէ առողջութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի կարենաք քաջաբար հետապնդել Արցախի իրաւունքները ու լուծել անոր առջեւ ծառացող տագնապները: Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Աղօթարար՝ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»

 

--00—ԱՊ