Արամ Ա․ Կաթողիկոսը ՄՔԴ դատախազի հետ քննարկել է Ադրբեջանի սադրանքները, Արցախի հարցը 

ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 19, 24News

ֆ

Արամ Ա․ Կաթողիկոսը ընդունել է Միջազգային քրեական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուիս Մորենո Օքամպոյին: Այդ մասին հայտնում են Կիլիկիո Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․

«Այսօր՝ Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփօ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական Դատարան ներկայացնելու կարելութիւններուն:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դատախազին ընկերացող Միջազգային Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան:

Հանդիպումէն ետք, անոնք ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին:

Յայտնենք, որ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ-Օքամփօ Անթիլիաս կը գտնուի Նորին Սրբութեան հրաւէրով. այս գիշեր ան հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ վաղը առաւօտ ներկայ պիտի գտնուի Արցախի նուիրուած համագումարի առաջին նիստին»։ 

--00—ՍՊ