Թակեցինք դուռդ, ով Տեր, բաց մեր կյանքի ճանապարհը․ Անթիլիասում տեղի ունեցավ Դռնբացեքի արարողությունը

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 25, 24News

դդ

Անթիլիասի Մայրավանքում տեղի ունեցավ Դռնբացեքի արարողությունը։ Հայտնում են Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․

«Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ծաղկազարդի տօնին մեծաշուք հանդիսութենէն ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեզմայք արարողութիւններէն Դռնաբացէքը։ Արարողութեան հանդիսապետեց «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Օրուան խորհուրդին պատգամը փոխանցելու համար Շահար սրբազան վեր առած էր Քրիստոսի լերան քարոզէն երանիներուն հինգերորդը՝ «երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7)։ Ան ըսաւ, որ երբ մեր Տէրը եւ Արարիչը կը ստեղծէ տիեզերքն ու մարդը, մարդու արարումին նաեւ իր օրհնութիւնը կը բաշխէ անոր։ Աստուած ո՛չ միայն Իր նմանութեամբ եւ պատկերին համաձայն կը ստեղծէ մարդը, ինչպէս կ՚ըսէ Աստուածաշունչը, այլ նաեւ Իր նկարագրին մաս կազմող շնորհքներ կը բաշխէ անոր։ Մարդուն կու տայ Իր ողորմածութիւնը։ Հիմնաւորելով իր խօսքը Աստուածաշնչական ճշմարտացիութիւններով՝ սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Աստուածաշունչի ամբողջ երկայնքին, ամէն քայլափոխին, ո՛չ միայն սաղմոսերգուներուն, ո՛չ միայն առաջին ուխտին, այլ նաեւ Նոր Կտակարանին մէջ, Աստուծոյ մեզի գալը եւ այցելելը Իր ողորմութեան ու սիրոյ արտայայտութիւններն են։ Ուստի, եթէ Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնենք, Աստուածանմանութեամբ պէտք է ապրինք այս կեանքը։

Քարոզիչ սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ ողորմութեան կամ ողորմածութեան երեք ճշմարտութիւններ.- ա) Աստուծոյ ողորմութիւնը նոյնինքն Աստուծոյ սէրն է եւ Իր սէրը կը յայտնէ Իր գթառատութեամբ։ Աստուածաշունչ մատեանը կ՚ըսէ, թէ Հոգին Սուրբ ստեղծագործութեան առաջին պահուն կը շրջէր ջուրերուն վրայէն, այլ խօսքով կը գթար, կը խնամէր, կը գուրգուրար, կը սիրեր։ Տէրը կը հրաւիրէ մեզ երանիներուն մէջ գթառատ, սիրով լեցուն ըլլալ։ բ) Երկրորդ յատկանիշը կամ ողորմածութեան ներքին իմաստը ներողամիտ ըլլալն է, այսինքն ընդունիլ մէկը՝ հակառակ իր ըրածներուն ու մարդկային թերութիւններուն։ Ընդունելի, որովհետեւ նաեւ մենք, մեր կարգին, մեղաւորներ ենք, թերութիւններ ունինք, մեր կեանքին մէջ սխալներ գործած ենք եւ եթէ չներենք անոնց՝ մենք եւս ներում պիտի չի ստանաք։ Եւ գ) երրորդ, Աստուած ողորմած է. առաջին ուխտին մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը նմանի մօր արգանդին, որ կը պաշտպանէ իր երեխան։ Աստուած կը պաշտանէ, Աստուած օգնութեան կը հասնի, Աստուած կը փրկէ մեզ։

դ

Եզրափակելով իր քարոզը՝ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած. «թակեցինք դուռդ, ով Տէր, բաց մեզի. բաց մեր կեանքի ճանապարհը։ Նեղութեանց մէջ, տագնապներու մէջ, դժուարութեանց մէջ՝ անհատական, ընտանեկան, եկեղեցական, ազգային ու Հայրենիքի կեանքին մէջ բաց մեզի Քու ողորմութեանդ դուռը եւ կը խոստանանք ողորմած ըլլալ՝ Քու նմանութեանդ եւ պատկերիդ համաձայն։ Բաց մեզի, ով Տէր. բաց մեր կեանքի ճանապարհը։ Դուն ես կեանքը, Դուն ես ճանապարհը, մեզ առաջնորդէ Քու արքայութեանդ եւ ողորմութեամբդ ընդունիր մեզ Քու արքայութենէդ ներս, որպէսզի բոլորս միասին փառաւորենք Քեզ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։ 

--00—ՍՊ