Հերիք է այլեւս անցյալով միայն հպարտանանք. մենք պէտք ունինք նո՛ր շունչի ու նո՛ր տեսիլքի

ԵՐԵՎԱՆ, ՀՈւՆՎԱՐԻ 20, 24News

արամ

Մեծի Տանն Կիլիկո Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է.

«Հերիք է այլեւս անցեալո՛վ միայն հպարտանանք. հերիք է այլեւս անցեալէն մեր ժառանգած արժէքները ու սէմպոլները դրամագլուխի վերածած ներկայանանք մեր շրջապատին:

Աշխարհը արագընթաց յառաջդիմութեան մէջ է: Համաշխարհայնացումի այս դարաշրջանին մարդիկ չեն նայիր միայն անցեալին, այլ նաեւ ներկային ու ապագային. ինչ ենք այսօ՛ր, ինչ կը ծրագրենք ըլլալ վաղը: Այս է կենսականը ու հրամայականը:

Հետեւաբար, այլեւս դուրս գանք մեր նեղ պարունակէն ու անցեալին պահակը ըլլալու կրաւորական վիճակէն եւ պատռենք րոմանթիզմի խաբուսիկ շպարը. այլեւս տեսական սկզբունքերով ու անիրատես մօտեցումներով մեր ժամանակը չվատնենք:

Մենք պէտք ունինք նո՛ր շունչի ու նո՛ր տեսիլքի ներկայ աշխարհին մէջ մեր ներկայութիւնը վերահաստատելու եւ մեր ապագան ապահովելու համար»:

--00--ԱՀ